"Վիշտը մարդկային բնական հակազդեցութիւն մըն է եւ արդիւնք՝ սիրելիի մը մահուան կամ որեւէ կորուստի։ Անիկա բարդ ու բազմաչափ ընթացք մըն է եւ իւրայատուկ՝ ամէն անհատի։ Երբ մեր կորուստի վիշտը աննկատ ձգենք, անիկա ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենայ մեր առողջութեան վրայ, ըլլայ մտային՝ ըլլայ ֆիզիքական, եւ կամ ալ զգացական։ Աւելին՝ այս վիճակը պատճառ կրնայ դառնալ յարաբերութիւններու խզման եւ կոտրուածութեան։ Ներկայիս, որքան ալ ցաւդ մեծ ըլլայ, եւ վիշտէ վերականգնումի գործընթացը դժուար եւ անկարելի թուի քեզի, սակայն հարկ է որ կեանքը յառաջ երթայ եւ կարողանաս նաւարկել կեանքի բոլոր փոփոխութիւններու ընդմէջէն եւ վերականգնել ինքնութեանդ լաւագոյն կարելին։ Այս իմաստով, ցաւի յաղթահարումը մեր մէջ պիտի սատարէ հոգեմտային առողջութիւն եւ ամբողջականութիւն։ Շատ յաճախ, կորուստը կու գայ եւ անհատը կը մատնէ վիշտի, անակնկալօրէն կ՚ընդհատէ անոր բնական ընթացքը եւ տակնուվրայ կ՚ընէ անոր կեանքը. հոն պարապութիւն մը կը ստեղծէ եւ մէջտեղ կը բերէ հոգեկան ցանուցիր բեկորներ։ Առաւել, անհրաժեշտ է որ վիշտի յաղթահարման աւարտին, անհատը նախ խ